2014-12-26 12:22:54

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը` ''Քրիստոնէական հետեւողականութիւնը''։


(Ռ.Վ. 26 դեկտեմբեր 2014) Ուրբաթ` 26 դեկտեմբեր 2014-ի կէսօրին, Սուրբ Ստեփանոս նախավկային տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ,Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Այս առթիւ արտասանած իր խորհրդածութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը շեշտը դրաւ օրուան` Սուրբ Ստեփանոս նախավկային ծիսական տօնակատարութեան վրայ, որ եղաւ ''Եկեղեցւոյ առաջին մարտիրոսը, պատուելով թագաւորներու Թագաւորին գալուստը աշխարհ, իր կեանքը զոհելով Անոր'', ըսաւ Սրբազան Հայրը ու ապա խօսքը կեդրոնացուց օրուան սուրբ գրային ընթերցումին վրայ ուր Յիսուս կ՛առաքէ իր աշակերտները անոնց ըսելով ''Իմ անունիս համար ամէնքը ձեզ պիտի ատեն։ Բայց ով որ դիմանայ մինչեւ վերջ պիտի փրկուի'' (Մատթ 10, 22)։
Յիսուսի այս խօսքերը մեզի հասկցնել կու տան` թէ Հաւատքի պատճառաւ ընդունուած դժուարութիւններու ընթացքին, բռնութիւնը կը յաղթահարուի սէրէն եւ մահը կեանքէն։
Մեր կեանքէն ներս Յիսուսը իսկապէս ընդունելու համար հետեւելու ենք աւետարանի ցուցաբերած ճանապարհին, այսինքն` վկայել Յիսուսը հեզութեամբ եւ լռելեան ծառայութեամբ, չվախնալով հակահոպսանք ընթանալէն։ Նոյնիսկ եթէ ամէնքէն չէ խնդրուած արիւն թափել, Սուրբ Ստեփանոսի նման, սակայն ամէն քրիստոնեայէ կը խնդրուի ապրիլ իր դաւանած հաւատքին համաձայն, հետեւողականութեամբ։
Աւետարանին հետեւիլը պահանջկոտ ուղեւորութիւն մըն է սակայն այն որ անոր կը հետեւի հաւատարմութեամբ եւ քաջութեամբ պիտի արժանանայ Տիրոջ խոստումին։

Այսօր յատուկօրէն աղօթենք բոլոր անոնց որ հարստահարուած են իրենց` Քրիստոսի մասին տուած վկայութեան համար հրաւէր ուղղեց Սրբազան Հայրը աւելցնելով` ''Անոնցմէ ամէն մէկուն կ՛ուզեմ ըսել` եթէ այս խաչը կը կրէք սիրով, դուք կը մտնէք Ծննդեան խորհուրդին մէջ, Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ սրտին մէջ''։
Աղօթենք նաեւ որպէսզի այսօրուայ նահատակներուն զոհաբերումին հետեւանքով, աշխարհին մէջ կրօնական ազատութիւնը ճանչցուի` որ է իւրաքանչիւր անհատի անքակտելի իրաւունք։
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ըսաւ հուսկ Քահանայապետը իր խորհրդածութեան աւարտին, կը մայթեմ որ Ծննդեան տօները անցնէք անդորրութեան մէջ, Սուրբ Ստեփանոսի օգնութեամբ։ Ան ապա արտասանեց Մարեմեան աղօթքը հուսկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն յայտնելով թէ զանոնք կ՛ողջունէ ''խաղաղութեան ողջոյնով'' ու ապա ակնարկեց այս շաբաթուայ ընթացքին, համայն աշխարհէն իրեն ուղարկուած բազմաթիւ պատգամներուն ու չկարողանալով բոլորին պատասխանել, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, նա մանաւանդ անոնց աղօթքին համար։ Թող Տէրը ձեզ վարձատրէ իր առատաձեռնութեամբ ըսաւ Սրբազան Հայրը ու յորդորեց ապրիլ ''Քրիստոնէական հետեւողականութեամբ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.